Կասեցուած է հացաբուլկեղենի արտադրամասի արտադրական գործունէութիւնը
06-07-2026 18:00 Հայաստան Հասարակութիւն
Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինին կողմէ «ՆՆ հոլդինգ» սահմանափակ պատասխանատվութեամբ ընկերութեան պատկանող հացաբուլկեղենի արտադրամասին (ք․Երեւան, Շիրակի 1/68, «88 սուպերմարկետ») իրականացուած ստուգման ընթացքին պարզուած է, որ խախտուած են «Սննդամթերքի անվտանգութեան մասին» Մաքսային միութեան տեխնիկական կանոնակարգի պահանջները, մասնաւորապէս՝
– արտադրական շինութիւններու պատերու մակերեւոյթներուն եղած են սալիկաթափուած հատվածներ, ինչը չի կանխարգելած կեղտի կուտակումը, բորբոսի առաջացումը,
– առաստաղներուն եղած են ծեփաթափուած հատվածներ, ինչը չի կանխարգելած կեղտի կուտակումը, բորբոսի առաջացումը եւ առաստաղէն մասնիկներու թափուելու հնարաւորութիւնը,
– սննդամթերքի արտադրութեան գործընթացի հետ միաժամանակ արտադրական շինութեան մէջ իրականացուած են վերանորոգման աշխատանքներ։