Թուրքիոյ կառավարութեան վարձած լոպիիստական եւ PR-ի ընկերութիւնները բացայայտելէ ետք, այժմ կը տեղեկացնեմ Ատրպէյճանի վարձած չորս...
Թուրքիոյ կառավարութեան վարձած լոպիիստական եւ PR-ի ընկերութիւնները բացայայտելէ ետք, այժմ կը տեղեկացնեմ Ատրպէյճանի վարձած չորս համանման ընկերութիւններուն մասին: Դիտարկելով արտաքին քաղաքականութեան հանդէպ Ատրպէյճանի նենգամիտ մօտեցումները՝ նկատեցի հետեւեալ պատկերը. 1) Ինչպիսի գործողութիւններու ալ ձեռնարկեն ամերիկահայերը՝ իրենց հարցերու լուծման համար, Ատրպէյճան կը ձգտի նմանակել զանոնք եւ հակազդել անոնց՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր վարձու ընկերութիւններուն միջոցով: Նախագահ Ալիեւ 2013 թուականի իր ելոյթի մէջ յայտարարեց, որ...